2015-10-02 10:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Քուպա եւ ԱՄն` առաքելական ճամբորդութիւնը տասը կէտերով։


(Ռատիօ Վատիկան) ֆրանչիսկոս Քահանայապետի անցեալ օրերուն Քուպա եւ ԱՄՆ կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, միջազգային հասարակութիւնը կը շարունակէ մեկնաբանել Սրբազան Հօր ամենաերկարատեւ ճամբորդութիւնը, որ շատերուն համար որակուեցաւ որպէս  ''պատմական'' ։

Իր այդ առաքելութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապը պատգամներ ուղղեց  ոչ միայն եկեղեցւոյ այլ եւ համայն ընկերութեան, որ կարելի է ամփոփել հետեւեալ տասը կէտերուն մէջ։

1- Կերտել կամուրջներ.

''Ընդհարումներով լի''  ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, Քահանայապետը կը հրաւիրէ կերտել կամուրջներ, փոքրիկ կամուրջներ որոնք միասնաբար կարենան դառնալ խաղաղութեան մեծ կամուրջ մը, որ կարող է միութիւն եւ ընկերային բարեկամութիւն հաստատել զանազանութեան մէջ, հասարակաց բարիքին համար։ Այդ կամուրջները կարելի պիտի ըլլայ հաստատել երկխօսութեան միջոցաւ եւ ոչ թէ սպառնալիքի ու բաժանումի կծու ոճով։ Միշտ յիշելու ենք որ ''ուրիշը'' մեր եղբայրն է, որուն պէտք ենք օգնել ու զօրավիգ կանգնիլ։ Ինչպէս է պարագան ԱՄՆի ու Քուպայի միջեւ մօտեցումին ու  Քոլոմպիայի մէջ խաղաղութեան դաշնագիրի ստորագրութեան, միշտ շնորհիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի միջամտութեան, կէս դարու ընդհարումներէ ետք։

2- Չփակուիլ գաղափարախօսութիւններու ու կրօններու ետին։

''Բաց սրտեր ու բաց մտքեր'' կը յորդորէ Քահանայապետը։ Ընկալել եւ ընդունիլ նոյնիսկ անոնք որ մեզմէ տարբեր դիրք ու մտածում ունին։  Աշխարհը կարելի չէ բաժնել ընդմէջ բարի ու չար մարդոց, արդար ու մեղաւոր մարդոց, քանի հաւատքը բացուածք մըն է,  հեռու ''ընտիրներու'' գաղափարէն։ Հաւատքը քիչերուն չէ վերապահուած այլ առաջարկուած է բոլորին։

3- Ով որ փոքրիկին կը ծառայէ մեծապէս կը ծառայէ Յիսուսին։

Յիսուսի սիրոյ տրամաբանութիւնն է որ բարեփոխէ մեր տրամաբանութիւնն ու տեսութիւնը։ Սէրը ծառայութիւն է ի սպաս դիւրաբեկներու ։ Ծառայութիւնը կը նայի միշտ եղբայրներու դիմագիծին, ան երբեք գաղափարախօսական չէ։ Սիրել կը նշանակէ ողջագուրել անոնք զոր աշխարհը կը մերժէ եւ կամ կը նախընտրէ որ անոնք գոյութիւն չունենան ինչպէս է պարագան վիժումի զոհ երախաներուն, հիւանդներուն, ընչազուրկներուն եւ տարեցներուն։ 

4- Մեր յեղափոխութիւնը կ՛անցնի կարեկցութեան ընդմէջէն։

Քահանայապետը կը հրաւիրէ բարի կամք ունեցող մարդիկը հաւատալու կարեկցութեան եւ գթութեան յեղափոխական ուժին։ Այս մէկը կը նշանակէ  Յիսուսի ողորմութիւնը  տանիլ այնտեղ ուր կայ մեղք եւ ուր կայ յուսահատութիւն։ Յիսուսի ողորմած հայեացքին հանդիպելով կեանքը կը բարեփոխուի։ Նորին Սրբութիւնը քահանաներուն միշտ կը կրկնէ ''եղէք ողորմած ու գթասիրտ, մի յոգնիք ներելէ'' ու մէջբերելով  Ս. Ամպրոզիոսի խօսքերը կ՛ըսէ  ''հոն ուր ողորմութիւն կայ, այնտեղ կայ Յիսուսի ոգին։ Այնտեղ ուր կայ կոշտութիւն այնտեղ կան միայն Անոր նախարարները''։

5- Հարստութեան կառչիլը մեզ կը զրկէ միակ ճշմարիտ հարստութենէն։ 

Առաջին Երանութիւնը կը մեծարէ հոգւով աղքատները։ Հարկաւոր է իմաստութեամբ մատակարարել դրամը,  անոր ստրուկը չդառնալու համար. Աշխարհի դրամին կառչիլը կ՛աղքատացնէ ու կը կործանէ նոյնիսկ առատաձեռն հոգիները, զանոնք զուրկ պահելով սէրէն։ Աղքատութեան հոգին կը յառաջացնէ Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւն։ 

6- Եկեղեցին կանչուած է դուրս գալ իր տաճարէն։

Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքի մէջ մեզ կը մղէ միշտ շարժումի մէջ ըլլալու. Մեզ կը մղէ դուրս ելլելու տունէն կիսելու համար ընկալուած ուրախութիւնը։ Եկեղեցին դուրս ելլելու է իր աւանդատուներէն ընկերանալու կեանքին, նեցուկ ըլլալու յոյսին, մեզի համար մեռած ու յարութիւն առած  Քրիստոսի ուրախ աւետիսով` սիրոյ ստեղծագործութեան, ճշմարտութեան հեզութեան ուղիով որ կարող է սրտերը ջերմացնել։

Գացէք եւ աշակերտեցէք։ Աւետարանի ուրախութիւնը կը ճանչցուի եւ կ՛ապրուի միայն զայն հաղորդելով ուրիշներուն։ Հարկաւոր է Եկեղեցւոյ մէջ աւելի տեղ տալ երիտասարդներուն եւ կիներուն։ Եկեղեցւոյ ապագան կարօտն ունի աշխարհականներու գործունեայ մասնակցութեան։

7- Յոյսը կենսատու է։

Տագնապի ներկայ ժամանակին մէջ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յաճախ կը խօսի Յոյսի մասին։ Յոյսը գիտէ տառապիլ  յառաջ տանելու համար ծրագիրները, յոյսը գիտէ զոհուիլ։Ան որ գիտէ մեծ բաներ երազել յոյս ունի, արդ` երազէ որ աշխարհը քեզի հետ կարող է բարեփոխուի։ Ճշմարիտ յոյսը հիմնուած է Յիսուսի խոստումին վրայ որ բնաւ յուսախաբ չի թողուր։  

 8- Պահպանել  սեփական ինքնութիւնը։

Ներկայիս մղումը համաշխարհայնացումն է, որ ինքնին բարի բան մըն է, սակայն այն համաշխարհայնացումը որ կը մտի ամէնքս համահաւասար դարձնել, կարող է վատ դառնալ քանի կ՛աշխատի ջնջել տարբերութիւններն ու աւանդութիւնները, մինչ բարի համաշխարհայնացումը կը յարգէ բազմազանութիւնը, կը յարգէ ժողովուրդը ու ամէն անհատի ինքնութիւնը, կ՛աճեցնէ ազգը ու արժանաւորութիւն կու տայ բոլոր մարդոց''։  Մարիամ կը պահպանէ մեր արմատները, մեր ինութիւնը որպէսզի չկորսուինք յուսահատութեան ճանապարհին վրայ։

9-  Ազատութիւնն ու արդարութիւնը միասնաբար կ՛ընթանան։

Սրբազան Քահանայապետի Քուպայի ու ԱՄՆի մէջ յաճախ գործածած երկու բառերը եղան` ազատութիւն եւ արդարութիւն։ Ազգ մը կարող է մեծ նկատել երբ ազատութիւնը կը յարգէ ու իր բնակիչներուն իրաւունքը կ՛երաշխաւորէ, պայքարելով վասն արդարութեան ու դատը պաշտպանելով հարստահարուածներուն։ Նորին Սրբութիւնը կը յորդորէ որ ամէն անհատ վարուի այնպէս ինչպէս պիտի ուզենար որ ուրիշները հետը վարուին։ Հուսկ մաղթանք կը յայտնէ որ վերջ տրուի քաղաքացիական ու կրօնական փոքրամասնութիւններու հալածանքին. ու կը դատապարտէ զէնքերու վաճառքը։

10- Պաշտպանենք ընտանիքը որմէ կախում ունի մեր ապագան։

Այս է Քահանայապետին յորդորը, Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք ընտանիքի եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի նախօրեակին. ուր պիտի խօսուի ընտանիքի պաշտպանութեան մասին։ Ընտանիքը մարդկութեան դպրոց է, կը սորվեցնէ հետաքրքրուիլ ուրիշներու կարիքներով եւ ուշադիր ըլլալ անոնց կեանքին։ Քահանայապետը կը դատապարտէ  ընտանիքի կառոյցին սպառնացող գաղափարախօսական  գաղութացումը։

Հարկաւոր է որ Եկեղեցին նոր մօտեցում ունենայ  ընտանիքին հանդէպ, հարկաւոր է սերմանել նոյնիսկ անմշակ հողին վրայ ու այն ատեն նոյնիսկ ` հինգ ''ոչ- ամուսին'' ունեցող Սամարացի  տիկինը կարող կ՛ըլլայ վկայութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.